2013-08-26 11:55:03

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Կոչը Սուրիոյ Ի Նպաստ` ''Թող Դադրին Զէնքերը''։


Կիրակի 25 օգոստոսի կէսօրին, իր գրասենաեկի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը սրտաբուխ կոչ մը ուղղեց Սուրիոյ խաղաղութեան ի սպաս որուն մէջ յայտնեց իր խոր ցաւն ու մտահոգութիւնը ի տես եղբայրասպան պատերազմի հետեւանքով գործադրուած ուժգնութիւններուն։
Հակամարտութիւնը հարցերը չի լուծեր այլ երկխօսութեան եւ հանդիպումի կարելիութիւնն է որ յոյս կը ներշնչէ - ըսաւ Ան - իր մօտիկութիւնը յայտնելով եւ աղօթքը ապահովցնելով պատերազմի բոլոր զոհերուն, յատկապէս մանուկներուն, հրաւիրելով բոլորը խաղաղութեան բոցը վառ պահելու։
Սրբազան Քահանայապետը ապա կոչ ուղղեց միջազգային հանրութեան որպէսզի զգայուն ըլլայ սուրիոյ ողբերգրական իրավիճակին եւ ջանք թափէ օգնութեան հասնելու Սուրիոյ սիրալիր ազգին ու վերջ դնելու մահ ու ոչնչացում սերմանող պատերազմին։ Սրբազան Հայրը կոչը եզրափակեց ըսելով` Մարիամ Մայր խաղաղութեան աղօթէ մեզի համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.